top of page

«ՄԻՏՔ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ, 1976-1987.  գրական ու վերլուծական էջեր»

 

Այս հատորով ընթերցողին կը ներկայացուի առաջին ծաղկաքաղ մը «Յառաջ» օրաթերթի (Փարիզ, 1925–2009) «Միտք եւ արուեստ»ի նիւթերէն: Թերթի այս ամսական Յաւելուածի համարները, 1976էն սկսեալ, կը շօշափեն մշակոյթի զանազան կալուածներ, մասնաւորաբար հայ ու օտար գրականութիւնը, տեսական ու քննադատական հարցերը, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ արուեստներն ու երաժշտութիւնը: Այստեղ տրուած են 1976-1987 շրջանին տպուած միայն գրականութեանն ու ժամանակակից գրական խնդիրներուն վերաբերող նիւթեր, որոնք իրենց առաջին հրատարակութենէն ասդին երբեք լոյս տեսած չեն երկրորդ անգամ: Վերատպութիւնը միայն Սփիւռքի գրականութեան ու մտքի մէկ անցեալ փուլը չէ որ կը փորձէ փրկել մոռացումէն, որքան զայն առնչել ներկային: Ստորագրուած սփիւռքահայ ծանօթ ու քիչ ծանօթ գրողներու կողմէ այս էջերը տակաւին չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը:

 

Էջեր՝ 681
Կազմ՝ կոշտ
Լեզու՝ արևմտահայերեն

Պատրաստեց՝ Արփի Թոթոյեան
Խմբագիր՝ Գրիգոր Պըլտեան
Հրատարակչությունը` «Սարգիս Խաչենց», «ՓՐԻՆԹԻՆՖՈ», «Անտարես», 2018

«ՄԻՏՔ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ, 1976-1987.  գրական ու վերլուծական էջեր»

7 990,00AMDЦена
    bottom of page